image

Իրանի ԱԳ նախարարը Իսթանպուլի մէջ կը մասնակցի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստին

Իրանի ԱԳ նախարարը Իսթանպուլի մէջ կը մասնակցի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստին

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ժամանած է Թուրքիա՝ մասնակցելու Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 51-րդ նստաշրջանին, որ պիտի կայանայ յունիս 21-22-ին՝ Իսթանպուլի մէջ։

«Mehr»-ի հաղորդմամբ, Արաքչին Իսթանպուլ ժամանած է շաբաթ առաւօտեան եւ հանդէս պիտի գայ շարք մը ելոյթներով, որոնց մէջ, մասնաւորապէս, անդրադարձ պիտի կատարէ Իրանի տարածքի նկատմամբ Իսրայէլի կողմէ իրականացուած վերջին հարուածներուն։

Արաքչին յայտարարած է, որ Իսրայէլի չհրահրուած յարձակումը Իրանի տարածքին վրայ Թեհրանին այլընտրանք չի ձգեր, քան պաշտպանել իր ժողովուրդը եւ երկրի անվտանգութիւնը՝ պատասխան հարուած հասցնելով։

Անոր խօսքով՝ Իսրայէլի գործողութիւնները, որոնք սկսած էին մօտ մէկ շաբաթ առաջ, ստացած են խիստ արձագանգ Իրանի զինուած ուժերու կողմէ, իսկ այդ պատասխաններէն ետք Իսրայէլի պաշտօնեաներն անցած են սպառնալիքներու՝ կոչ ընելով իրանցիներուն տարհանելու քաղաքները։

Արաքչին ընդգծած է, որ Իրանը կը կարեւորէ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան հարթակը՝ իսլամական երկիրներու համախմբման եւ յարձակումը մերժելու համար: