image

«Պիտի պաշտպանենք մեր անվտանգութիւն»ը. Արաքչի

«Պիտի պաշտպանենք մեր անվտանգութիւն»ը. Արաքչի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի յայտարարած է, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները խախտած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, միջազգային օրէնքը եւ Միջուկային զէնքի տարածման դէմ պայքարի մասին համաձայնագիրը՝ Իրանի «խաղաղ միջուկային կառոյցներուն» վրայ յարձակելով։ Ան նշած է, որ ամերիկեան այս յարձակումը երկարաժամկէտ հետեւանքներ պիտի ունենայ։

«ՄԱԿ-ի իւրաքանչիւր անդամ պէտք է տագնապած ըլլայ այս չափազանց վտանգաւոր, անօրինական եւ յանցաւոր վարքագիծէն։ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ անոր դրոյթներուն համաձայն, որոնք օրինական ինքնապաշտպանութեան կարելիութիւն կու տան, Իրան իրեն կը վերապահէ բոլոր տարբերակները՝ պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնը, շահերը եւ ժողովուրդը», – գրած է Արաքչի իր X-ի իր էջին։

Միեւնոյն ժամանակ, Իրան դիմած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին՝ արտակարգ նիստ գումարելու պահանջով։