image

Մաքրոն Իրանէն երաշխիքներ պահանջեց

Մաքրոն Իրանէն երաշխիքներ պահանջեց

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան հեռախօսազրոյց ունեցած են։ Այս մասին Մաքրոն յայտնած է X-ի ցանցի էջին։

Մաքրոն Փեզեշքիանի հետ զրոյցին ըսած է, որ Իրանը պէտք չէ միջուկային զէնք ունենայ, եւ Իրանի կառավարութիւնը պարտաւոր է յստակ երաշխիքներ տալ իր մտադրութիւններու խաղաղ բնութի վերաբերեալ։

«Նախագահ Փեզեշքիանի հետ զրոյցի ընթացքին ես լուրջ մտահոգութիւն յայտնեցի Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ: Իմ դիրքորոշումը յստակ է՝ Իրանը երբեք պէտք չէ միջուկային զէնք ունենայ, եւ ան պէտք է ապացուցէ իր գործողութիւններու խաղաղ բնոյթը: Համոզուած եմ, որ կայ հակամարտութեան սրացումէ խուսափելու եւ աւելի լուրջ սպառնալիքներ կանխելու միջոց։ Այդ նպատակով Ֆրանսան եւ անոր եւրոպացի գործընկերները պիտի արագցնեն Իրանի հետ բանակցութիւնները»,-այս մասին X-ի իր էջին գրած է Ֆրանսայի նախագահը: