image
Հրատապ լուրեր:

Լոս Անճելըս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Թուրքիոյ Հիւպատոսարան 

Լոս Անճելըս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Թուրքիոյ Հիւպատոսարան 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ այս օրերուն, Արեւմտեան թեմի Հայոց առաջնորդութեան հրաւէրով կը գտնուի Լոս Անճելըս, քաղաքավարական այցելութիւն տուած է Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ Աւագ Հիւպատոս Սինան Քուզումին։ Ընդունելութիւնը տեղի ունեցած է վերջինիս բնակարանին մէջ։

«Արեւելք» Ամեն. Պատրիարք հօր ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ տուած այցելութեան կարեւոր կանգառմներուն մասին տեղեկատւութիւնը կը ստանայ՝ Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տեղի ունեցած սոյն հանդիպուման մասին լրատւութիւնը՝ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Յունիս 2025, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ Աւագ Հիւպատոս Սինան Քուզումին։ Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Աւագ Հիւպատոսի բնակարանին մէջ, ուր ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, նախկին Ստանպուլահայեր՝ Սիմոն Աճըիլաչ եւ Միրիճան Կիւրեղեան։

Աւագ Հիւպատոս Քուզում ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Պատրիարք Հօր։

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ, այս օրերուն, Արեւմտեան թեմի Հայոց առաջնորդութեան հրաւէրով կը գտնուի Լոս Անճելըսի մէջ եւ այս մէկը որպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք առաջին պաշտօնական այցելութիւնը ըլլալու բնոյթը կը կրէ։ Իր կեցութեան օրերուն, այս առթիւ քաղաքավարական այցելութեամբ կ՚այցելէր նաեւ Թուրքիոյ Աւագ Հիւպատոսին։

Ջերմ ընդունելութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը Աւագ Հիւպատոսին նուիրեց Կուտինայի յախճապակի մը, ինչպէս նաեւ Աթոռոյս հրատարակութիւններէն «Պոլիսը՝ Հին Եւ Նոր» եւ “İstanbul Ermenileri ve Patrikleri” գիրքերը։