image

Իրան նախապէս տեղեակ էր հարուածէն. «Միջուկային կեդրոններ»ը դատարկուած էին

Իրան նախապէս տեղեակ էր հարուածէն. «Միջուկային կեդրոններ»ը դատարկուած էին

Իրան կը սպասէր Ֆորտոյի միջուկային կառոյցին վրայ յարձակումի մը, ուստի նախապէս տարհանում կատարուած էր, եւ կառոյցին անդառնալի վնաս չէ պատճառուած։ Այս մասին «X» ընկերային ցանցի իր էջին մէջ յայտարարած է Իրանի Մաճլիսի նախագահի խորհրդական Մեհտի Մոհամմատին։

«Իրանի տեսակէտով, արտասուոր բան չէ պատահած։ Իրան արդէն քանի մը օր է, որ կը սպասէ Ֆորտոյի վրայ հարուածներու։ Միջուկային այս կառոյցը նախապէս տարհանուած է, եւ այսօրուան յարձակումի ընթացքին անդառնալի վնաս չէ պատճառուած», – գրած է Մոհամմատին։