image

Պատմական Ակնարկ՝ Սուրիահայութեան (7)

Պատմական Ակնարկ՝ Սուրիահայութեան (7)

ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրիահայութեան մէջ պատկառելի թիւ կը կազմեն բարեգործական կառոյցները, որոնք աղքատախնամութեամբ, կրթական կարիքներու հոգացման, զանազան տեսակի օգնութեան ու աջակցութեան նման գործերով կը զբաղին։ Անոնք ուղղուած են թէ՛ անհատներուն, թէ՛ միութիւններուն եւ թէ ժողովրդային զանազան խաւերուն։ Շատ մը պարագաներու ալ անոնց ծառայութիւններէն կ՚օգտուին ո՛չ միայն հայութիւնը, այլ Սուրիոյ մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդները՝ ըլլան անոնք արաբ, քիւրտ կամ ասորի եւ այլն: Այդ հաստատութիւններէն կրնանք յիշել հիմնականապէս՝

- Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ անոր յարակից կազմակերպութիւնները,

- Սուրիոյ Հայ օգնութեան խաչը,

- Երեք յարանուանութիւններուն պատկանող բարեսիրական փոքրիկ միութիւնները:

Կարեւոր է յիշել նաեւ երկու մեծ ու տեւաբար գործունեայ կեդրոններ, որոնք սուրիահայերուն բարեսիրական հիմքով կը ծառայեն. ինչպէս՝ Հայ որբերու պատսպարանը եւ Հայ ծերանոցը։

Վերոյիշեալներու շարքին կարելի է դասել նաեւ պատշաճ թիւով հաստատութիւններ՝ ըլլան անոնք հայ կաթողիկէ, բողոքական կամ լատին եկեղեցիներուն պատկանող մարմիններ, որոնք տարուած են բարեսիրական գործունէութեամբ:

 

Ակնարկելի է նաեւ սուրիրահայ անհատներու հիմնած բարեգործական հիմնադրամները։

 

ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայրենակցական միութիւնները ստեղծուած են պատմական Հայաստանի շրջաններու եւ քաղաքներու անուններուն հիման վրայ եւ որոնց հիմնադիրներուն ու անդամներուն նախահայրերը եկած են այդ վայրերէն: Օրինակ՝ Մարաշ, Քիլիս, Այնթապ, Տիգրանակերտ, Ուրֆա, Սասուն, Զէյթուն եւ այլն: Անոնց գործունէութիւնը կը սահմանուի զանազան մակարդակներով, բայց հիմնականօրէն անոնք կեդրոնացած են պահելու եւ տարածելու իրենց ծննդավայրերուն տոհմիկ ու ազգագրական մշակոյթն ու ապրելաձեւերը: Այդ հաստատութիւնները նոյնպէս կարելի է դասել մշակութայիններու շարքին, բայց, պէտք է ըսել, որ իւրայատուկ է հայրենակցական միութիւն մը հիմնելու եւ յառաջ տանելու հասկացողութիւնը:

 

•շարունակելի…

Տիգրան Գաբոյեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Տիգրան Գաբոյեան

Տիգրան Գաբոյեան

Ծնեալ Հալէպ, Սուրիա: -Ուսումով իրաւագէտ եւ Մա...