Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբերին, էլիս Այլընտի մէջ, տեղի ունեցաւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան 10ամեակի տօնակատարութիւնը, մասնակցութեամբ բազմաթիւ հիւրերու։
Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք՝ այս տարուան մրցանակակիրն էր տոքթ. Ճամալ Էլթայէպ, որ կը վարէ Սուտանի մէջ մնացած սակաւաթիւ հիւանդանոցներէն մէկը, ուր դաժան պայմաններու տակ վիրաւոր եւ տեղահանուած մարդիկ կը բուժուին։
2015ին հիմնադրուելէն ի վեր՝ «Օրորա»ն դարձած է համաշխարհային ոյժ մը՝ օժանդակելով եւ նիւթապէս սատարելով 517 մարդասիրական ծրագիրներու, որոնք կեդրոնացած են շտապ օգնութեան, բժշկական խնամքի եւ կրթութեան վրայ։
Նուպար Աֆէեան, որ «Օրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն է, հանգուցեալ Վարդան Գրիգորեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի (բանտարկուած Պաքուի մէջ) հետ, խորհրդածեց գերմանացի զինուորներու բարեացակամութեան եզակի շարժումին մասին, որ փրկած էր իր մեծ հայրը Հայոց Ցեղասպանութեան տեղահանութեան ընթացքին եւ կարելի դարձուցած, որ իր ընտանիքը վերապրէր։ Ան քաջալերեց հիւրերը, որ ապրին իբրեւ մարդասէրներ՝ օգնելով կարիքաւորներու։ «Թէեւ հայերը ամէնէն հարուստ ազգերու թիւին մաս չեն կազմեր, սակայն, անոնց պատմութիւնը եւ համոզումները կը պարտադրեն, որ մարդասէր ըլլան», յայտնեց Աֆէեան։
Նշենք, թէ Ուաթըրթաունի (Մեսեչուսեց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Ծ. վրդ. Թահանեան կը ներկայացնէր Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը։