image

Սուրիա. Պայթում ՝ Պանիասի նաւանահգիստին մէջ

Սուրիա. Պայթում ՝ Պանիասի   նաւանահգիստին   մէջ

Քիչ առաջ պայթում մը գրանցուած է  Սուրիոյ Պանիաս  քաղաքի նաւահանգիստի  ափերուն  խարսխած նաւու մը վրայ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝  «Սփութնիք» գործակալութիւնէն։

 

 Նոյն աղբիւրը նաեւ նշեց, որ   նաւը  նաւթատար է, եւ անոր մէջ պայթումի պահուն նաւթաբեռ չէ  եղած եւ դատարկուած է աւելի վաղ։

 

 Կը նշուի, որ պայթումի ենթարկուած   նաւը ունեցած է   մէքանիք  խնդիրներ  եւ  դէպքը  պատահած է  վերանորոգման աշխատանքներու ժամանակ։