image

ՔՊ-ն Փաշինեանը միաձայն հաստատեց վարչապետի թեկնածու

ՔՊ-ն Փաշինեանը միաձայն հաստատեց վարչապետի թեկնածու

Երեւանի մէջ այսօր կայացած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան արտահերթ համագումարին միաձայն հաստատուած է կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը։

Համագումարի մասնակիցները միաձայն աջակցած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի առաջադրման՝ որպէս վարչապետի թեկնածու։

Հաստատուած ցուցակին մէջ երկրորդ հորիզոնականը կը զբաղցնէ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, իսկ երրորդը՝ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը։

Միաձայն ընդունուած է նաեւ կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը։