image

ՀՀԿ-ն պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն, որպէսզի «չպառակտէ ընդդիմադիր դաշտը»

ՀՀԿ-ն պիտի չմասնակցի ընտրութիւններուն, որպէսզի «չպառակտէ ընդդիմադիր դաշտը»

ՀՀԿ-ն պիտի չմասնակցի յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որպէսզի աւելի չպառակտէ ընդդիմադիր դաշտը. այս մասին յայտարարած է ՀՀԿ նախագահ, ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը այսօր Երեւանի մէջ կայացած կուսակցութեան համագումարին։

Կուսակցութեան համագումարին իր ելոյթին մէջ Սարգսեան ըսած է, որ երեք օր առաջ կուսակցութեան գործադիր մարմնի՝ համապետական ընտրութիւններուն մասնակցութենէն հրաժարելու որոշումը «մի մասի սրտովը չէ»։ Անոր խօսքով՝ կուսակցութիւնը կրնար յաղթահարել անհրաժեշտ 4 տոկոսի շեմը, սակայն առաջնահերթութիւնը այլ է. «Մեզ իշխանափոխութիւն է պէտք, մեզ չի հետաքրքրում մի քանի մանդատ ունենալու հեռանկարը»։

Սարգիսեանը նշած է, որ ընտրութիւններուն չմասնակցելու հիմնական նպատակներէն մէկն է «աւելի չպառակտել ընդդիմադիր դաշտը» եւ հնարաւորութիւն տալ միւս ուժերուն իրականացնել իրենց խոստումները։

Ան ընդգծած է, որ որոշումը չի նշանակեր պայքարէն հրաժարում։ «Չմասնակցելը չպայքարել չէ»,-ըսած է Սարգիսեանը՝ աւելցնելով, որ Հանրապետականը պիտի շարունակէ մնալ քաղաքական պայքարի առաջամարտիկներէն։

Անոր խօսքով՝ կուսակցութեան ընտրողները, ըստ ընկերաբանական հետազօտութիւններու, «գրեթէ առանց բացառութիւնների» կը պատրաստուին մասնակցիլ ընտրութիւններուն եւ քուէարկել ընդդիմադիր ուժերու օգտին, որու շնորհիւ «մեր ընտրողների ձայները չեն կորչելու, այլ միանալու են ընդդիմադիր ուժերին»։

Սարգիսեանը նաեւ նշած է, որ այս որոշման կայացումը հեշտ չէ եղած, սակայն այն նպատակ ունի ծառայել ընդհանուր քաղաքական յաջողութեան՝ «քաղաքական դաշտում սեփական ես-ը, նեղ կուսակցական շահերը… ընդհանուր յաջողութեան ստորադասելու» տրամաբանութեամբ։