image

Երեւանի ջրամբարներէն մէկուն մէջ քաղաքացիներ ջրահեղձ եղած են

Երեւանի ջրամբարներէն մէկուն մէջ քաղաքացիներ ջրահեղձ եղած են

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան 112 արագ արձագանգման կառավարման կեդրոն ապրիլ 4-ին ժամը 05։49-ին ահազանգ ստացուած է, որ քաղաքացին ինկած է Երեւանի ջրամբարներէն մէկը, իսկ ընկերը նետուած է օգնելու նպատակով․ անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը։

Փրկարար ծառայութենէն յայտնած են, որ ջրասուզակը ջրամբարին մէջ յայտնաբերած եւ դուրս բերած է ջրահեղձ եղած երկու քաղաքացիներու մարմինները։