image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Ոտնլուայի եւ Խաւարման արարողութիւնները Հայ Կաթողիկէ Յ. Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ. Արարողութեանց նախագահած է Գերպ. Վարդան ծ.թ.վ. Գազանճեան

Պոլիս. Ոտնլուայի  եւ Խաւարման արարողութիւնները Հայ Կաթողիկէ Յ. Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ. Արարողութեանց նախագահած է Գերպ. Վարդան ծ.թ.վ. Գազանճեան

Աւագ Հինգշաբթի օրուայ  խորհուրդով լեցուն երեկոյ մը ապրեցաւ Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի հայութիւնը, երբ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցիին մէջ, հանդիսաւոր կերպով կատարուեցան Ոտնլուայի եւ Խաւարման արարողութիւնները։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Ապրիլ 2-ի Մեծ Հինգշաբթի երեկոյեան, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, Գերապայծառ Տէր Վարդան Գազանճեանին նախագահութեամբ, կատարուեցան Ոտնլուայի արարողութիւն եւ Խաւարման եւ Լացի Գիշերի աղօթքները։ Գիշերուան ընթացքին շարունակուող աղօթքներուն մասնակցեցան Հայր Աբրահամ Ծ.Վ. Ֆըրաթ, Ժան Կսրկ Աճեմօղլու, Լեւոն Կսրկ Եունքէս, Դպիրներ Ճան Եոնթան եւ Նորայր Օզանթ, իսկ Ոսկեբերան Երգչախումբը, Զաւէն Աղայի ղեկավարութեամբ, իր ծառայութիւնը մատուցեց։ Գերապայծառ Տէր Վարդան, Ոտնլուայի առթիւ իր քարոզին մէջ ընդգծեց օգնութեան եւ ծառայութեան կարեւորութիւնը մէջբերելով Յիսուսի խօսքը ըսելով թէ ինչ որ ես ձեզի ըրի, դուք ալ պարտիք նոյնը ընել իրարու հետ։