Իրանական ուժերը հարուածած են Թել Աւիւը, իսկ Երուսաղէմի մէջ պայթումներ լսուած են։ Իրանէն յայտնած են, որ հարուածած են «Ապրահամ Լինքոլն» օդանաւակիր նաւը, սակայն ամերիկեան կողմը հերքած է այդ տեղեկութիւնը։
Թիրախ դարձած են նաեւ Քուէյթը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Յորդանանը, Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը եւ Քաթարը։ Ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին նաեւ Լիբանանի մէջ։
Հորմուզի նեղուցով նաւարկութիւնը տակաւին սահմանափակ կը մնայ։ Ուաշինկթընէն տեղեկացուցած են, որ ամերիկեան կողմը կրնայ անհրաժեշտութեան պարագային ուղեկցիլ նեղուցով անցնող նաւերուն՝ զանոնք հնարաւոր յարձակումներէ պաշտպանելու համար։
Հորմուզի նեղուցի արգելափակման հետեւանքով նաւթի շուկային մէջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութիւնը կրնայ մեղմացնել ռուսական նաւթի նկատմամբ նախապէս սահմանուած պատժամիջոցները։