image

Թուրքիոյ մէջ գրանցո ած երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Երեւանի եւ ՀՀ շարք մը մարզերու մէջ

Թուրքիոյ մէջ գրանցո ած երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Երեւանի եւ ՀՀ շարք մը մարզերու մէջ

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան Սեյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ ապրիլ 4-ին տեղական ժամանակով ժամը 09:52-ին (Կրինիչի ժամանակով` ժամը 05։52-ին) գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 38․83⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 43․54⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Թուրքիա՝ Վան քաղաքէն 40 քմ հիւսիս, օճախի 7 ճմ խորութեամբ 5․2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ։

Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ փրկարար ծառայութեան տարածած հաղորդագրութենէն, կեդրոնական գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 7 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Երեւանի, Շիրակի եւ Արարատի մարզերուն մէջ՝ 2 աստիճան ուժգնութեամբ: