Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրսայէլի կողմէ կատարուած յարձակումէն ու ատոր ի պատասխան պաշտօնական Թեհրանի սկսած գործողութիւններէն ետք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրադրութիւնը կը շարունակէ լարուած մնալ։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, տարածարջանի տարբեր երկիրներ յայտարարած են իրանական կողմէն իրենց այս կամ այն քաղաքի վրայ հրթռիային կամ անօդաչու թռչող սարքերով կատարուած յարձակումներու մասին։
Մասնաւորապէս, մարտ 5-ին պայթումներ լսուած են Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի եւ Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ։
Քաթարէն յայտնած են, որ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով տարհանած են Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մօտակայքը բնակող քաղաքացիները։
Ինչպէս հաղորդած է Times of Israel-ը, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է մարտ 5-ին իրանական հրթիռներ որսալու մասին։
Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլէն յայտնած են Լիբանանի վրայ նոր յարձակումներու մասին, որոնց նպատակը «Հըզպալլա»-ն թիրախաւորելն է։
Իսրայէլեան պաշտպանութեան բանակէն յայտնած են, որ անցնող օրերու ընթացքին Լիբանանի մէջ հարուածած են 320 թիրախ։