Իրանի Շիրազ եւ Սպահան քաղաքներուն մէջ, որոնք կը գտնուին երկրի հարաւային եւ կեդրոնական մասերուն մէջ, քանի մը պայթում տեղի ունեցած է։
Այս մասին կը հաղորդէ Mehr գործակալութիւնը։
Պայթումներու ստոյգ վայրին եւ աւերածութիւններուն մասին տեղեկութիւն գործակալութիւնը չէ հաղորդած։
Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ը փետրուար 28-էն ի վեր հարուածներ կը հասցնեն Իրանին, որ իր կարգին պատասխան հարուածներ կը հասցնէ Իսրայէլին եւ շրջանի երկիրներուն մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն եւ ուժանիւթային կեդրոններուն։