Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին մէջ լոյս տեսած լուրին՝ նախքան 1915, հայկական բնակավայր Սեբաստիոյ (Սվազ) Զարա գաւառի Ալաքիլիսէ (նախկին անունով Միւսլիւմապաթ) գիւղին մէջ գտնուող՝ 13րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ գերեզմանատունը քանդուած է:
«Տեսանք ոսկորները սփռուած ամէնուրեք: Տեսարանը իսկապէս շատ գէշ էր», վերջերս եկեղեցին այցելած քաղաքացի մը ըսաւ թերթին:
Հակառակ անոր որ եկեղեցին ներառուած է Թուրքիոյ «Մշակութային ժառանգութիւն» ցանկին վրայ՝ տարիներու ընթացքին «պահուած գանձ»ի լուրերու պատճառով, անիկա գողերու թիրախ դարձած է:
Ըստ «Հրանդ Տինք» հիմնարկութեան տեղւոյն վրայ կատարած հետազօտութիւններուն՝ գիւղին մէջ մինչեւ նոր մզկիթ մը կառուցուիլը եկեղեցին գործածուած է իբրեւ մզկիթ: Մզկիթին կառուցումէն ետք՝ շինութիւնը դասուած է մշակութային ժառանգութիւն: Սակայն, այս կարգավիճակը չէ կրցած արգելք հանդիսանալ աւերումի շարունակուելուն:
Եկեղեցին այցելած քաղաքացիներ նշած են, որ շինութեան տարածքին մէջ կան ապահովութեան տեսախցիկներ, բայց հակառակ անոնց գոյութեան՝ շինութիւնը ծակծկած է: Իր տեսածները բաժնող այցելու մը ըսաւ հետեւեալը. «Գերեզմանատունը եւս փորուած էր, ոսկորները դուրս թափուած էին»:
Այցելութեան ընթացքին իրենց աչքին առջեւ պարզուած տեսարանը բնորոշելով սարսափելի, խումբի անդամները վկայած են, որ ոսկորները սփռուած էին բաւական ընդարձակ տարածքի մը վրայ: Եւ երբ անոնք ուզած են գիւղացիներէն հաստատել, թէ այդ ոսկորները մարդկայի՞ն են, սկիզբը ստացած են այդ վարկածը կտրականապէս հերքող պատասխաններ: «Սկիզբը ըսին, որ անոնք անասունի ոսկորներ են: Սակայն մեր խումբին մաս կազմողներէն մէկը, որ կ՛աշխատէր առողջութեան բնագաւառին մէջ՝ յստակօրէն հաւաստեց, որ անոնք մարդկային ոսկորներ են: Այդ հաստատումէն ետք՝ գիւղացիները խոստովանեցան՝ «այո՛, մարդկային ոսկորներ են, բայց այս հողը մէկուն սեփականութիւնն է եւ կ՛ուզէր տուն կառուցել, բայց փորելու ընթացքին երբ ոսկորներ յայտնուեցան՝ հրաժարեցաւ»:
Այցելողները նշեցին, որ եթէ տակաւին այսօր կանգուն կը մնայ Սուրբ Մինաս եկեղեցին՝ անոր միակ պատճառը միջոց մը իբրեւ մզկիթ ծառայած ըլլալն է:
«Գետինը բոլորովին ծակծկուած էր: Երբ ներս մտանք՝ տակաւին տեսանելի էր սակայն քարակոփ վարպետներու աշխատանքը: Մուտքին կային՝ խաչի պէս նշան մը, հայոց այբուբենով գրուած գրութիւն մը: Ընթեռնլի էր «Սուրբ Մինաս» անունը: Սակայն, շինութիւնը ընդհանուր առումով շատ գէշ վիճակի մէջ է: Ամէն եկող բրիչ մը զարկեր է, իւրաքանչիւրը բաժին մը թալաներ է», ըսին խումբի անդամները ։