Պոլսահայ ռոք երաժիշտ Հայկօ Չեփքինի, որ համերգային շրջագայութեան մը սկսած է Անատոլուի զանազան քաղաքներու մէջ, Կեսարիոյ եւ Տիյարպէքիրի համերգները ջնջուած են։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ռոք երաժիշտ Հայկօ Չեփքին համերգային շրջագայութեան մը սկսած է Անատոլուի զանազան քաղաքներու մէջ։
Երէկ, յանկարծ յայտնի դարձաւ որ երգչի Գայսերիի ու Տիյարպաքըրի համերգները ջնջուած են, որովհետեւ կուսակալութիւնը արտօնութիւն չէ տուած։
Չեփքին ընկերային ցանցերու մէջ պատասխանելով օգտատիրոջ մը հարցումին ըսաւ որ Տիյարպաքըրի ու Գայսերիի համերգները հանուած են դէպի Անատոլու շրջագայութեան ցանկէն։
«Բարեբախտաբար տոմսերու վաճառքը չէր սկսած, բայց ամենակարեւորը բոլոր այդ վշտացած սիրտերու մասին,- որոնք այլեւս իրենց արժէքը կորսնցուցած են,- ինչ կրնանք ընել, ահաւասիկ ատոր մասին գաղափար մը չունիմ», գրեց Հայկօ Չեփքին։