image

Փաշինեան- Մաքրոն հանդիպում Քոփենհակընի մէջ. Օրակարգը յատկացուած էր նոր նախաձեռնութիւններուն

Փաշինեան- Մաքրոն հանդիպում Քոփենհակընի մէջ. Օրակարգը  յատկացուած էր նոր  նախաձեռնութիւններուն

Քոփենհակընի մէջ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 7-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս հանդիպած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։ Այս մասին յայտնած են Կառավարութենէն։

Հանդիպման ընթացքին վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Մաքրոնը քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա բազմաոլորտ համագործակցութեան ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները։ Կողմերը վերահաստատած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեւաւորուած առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ ընդգծած համատեղ նոր նախաձեռնութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը։

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթնաժողովին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ «TRIPP» նախագիծի իրականացման վերաբերող հարցեր։

Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատած է իր երկրի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգին։ Վարչապետ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային Հայաստանի համար այս կարեւոր փուլին ցուցաբերած համակողմանի աջակցութեան համար։

Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել սերտ շփումները երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ։