Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Քոփենհակընի մէջ հանդիպած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիո Կոշթայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենի հետ։
Անթոնիո Քոշթան եւ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը շնորհաւորած են Ալիեւը Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի շուրջ ձեռք բերուած յաջողութիւններու համար եւ յոյս յայտնած, որ այդ պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան ապահովման։
Ատրպէյճանի նախագահը նշած է, որ խաղաղութեան օրակարգի հետ կապուած նուաճումները պատմական նշանակութիւն ունին ամբողջ տարածաշրջանի, այդ շարքին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար։
«Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը արդէն յարմարուած են խաղաղ կեանքին, մեր երկիրը պիտի շարունակէ իր ջանքերը խաղաղութեան օրակարգը առաջ մղելու համար», - ընդգծած է ան։