Ատրպէյճանը Եւրոպական Միութեան համար ոսկիի պաշար է:
Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը Քոփենհակընի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովէն առաջ։
«Ատրպէյճանը Եւրոմիութեան ոսկիի պահուստն է, քանի որ մենք ուժանիւթի հետ կապուած շատ դժուարութիւններ ունինք, իսկ Դուք շատ հարուստ էք եւ կը համագործակցիք, կայուն եւ լաւ ղեկավարութիւն ունիք, այդ պատճառով Ատրպէյճանը ԵՄ-ի համար ոսկիի պահուստն է»,-յայտարարած է Օրպանը: