image

44-օրեայի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը պիտի քննարկուի փակ լսումներու ընթացքին. ԱԺ նախագահ

44-օրեայի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը պիտի քննարկուի փակ լսումներու ընթացքին. ԱԺ նախագահ

44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը պիտի քննարկուի ոչ թէ լիագումար նիստին, այլ փակ լսումներու ընթացքին՝ 1Lurer.am-ին յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը։

«Տեղի կ՚ունենան փակ լսումներ, եւ փաստաթուղթը կը ներկայացուի հենց այդ ձեւաչափով. քիչ առաջ ենք խորհրդում քննարկել եւ նման որոշում ընդունել», -ըսած է Սիմոնեանը։

Նախօրէին լրագրողները ճեպազրոյցի ընթացքին հարց ուղղած էին Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանին 2020 թուականի սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած 44-օրեայ ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով ստեղծուած քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը լիագումար նիստերու օրակարգ ներառել-չներառելու մասին:

Սիմոնեանը յայտնած էր՝ ինքը Անդրանիկ Քոչարեանին ըսած է, որ պէտք է ինչ-որ լուծում գտնուի, եւ իրաւական առումով ինչ խնդիրներ գոյութիւն ունին:

Ան անդրադարձած էր մամուլի մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններուն, թէ ինչ-որ միտում կայ՝ զեկոյցը չհրապարակելու, նշած՝ խօսքը ոչ թէ հրապարակել-չհրապարակելու մասին է, այլ հրապարակելու ձեւի: