Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը 2025-ի հոկտեմբեր 2-ին Դանիայի Թագաւորութեան մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ հանդիպում ունեցած են Եւրոպական քաղաքական համայնքի 7-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը:
Կողմերն ընդգծած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփի նախաձեռնած Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթնաժողովի պայմանաւորուածութիւններու նշանակալիութիւնը։ Անոնք վերահաստատած են պատրաստակամութիւնը շարունակելու աշխատանքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ։
Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ փոխադրային հաղորդակցութեան օգուտները, քննարկած են Ատրպէյճանի տարածքին մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ Հայաստանի տարածքին մէջ «TRIPP» նախագիծի իրականացման առաջընթացը՝ միտքեր փոխանակած են Ուաշինկթընի հռչակագրի իրագործման շուրջ։
Այս պարունակին մէջ կողմերը ողջունած են ԵԱՀԿ Մինսքի գործընթացը եւ ատոր հետ առնչուող բոլոր կառոյցները դադրեցնելու վերաբերեալ միաձայն ընդունուած որոշումը։
Կողմերը կարեւորած են վստահութիւն ձեւաւորող միջոցառումներու հետագայ իրականացման անհրաժեշտութիւնը եւ համաձայնած են շարունակել իրենց շփումները։