image

Սպիտակ Տունը յայտնած է Պայտընի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մտադրութեան մասին

Սպիտակ Տունը  յայտնած է Պայտընի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մտադրութեան մասին

ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտըն կը նախատեսէ կատարել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու իր նախընտրական խոստումը, յունական Kathimerini-ին ըսած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարը:

Ի պատասխան ծերակուտական Պապ Մենենտեսի նախաձեռնած եւ երկու կուսակցութիւններէն 36 այլ ծերակուտականներու կողմէ ստորագրուած նամակին արձագանգելու հարցին՝ մամլոյ քարտուղարը ըսած է, որ Պայտընի վարչակազմը պարտաւորութիւն ստանձնած է ապահովելու, որ նման վայրագութիւններ այլեւս չկրկնուին, եւ որ անցեալին կատարուած վայրագութիւնները ճանաչելը անոր կարեւոր մասն է:

Այս քայլը, հաւանաբար, ա՛լ աւելի մեծ լարուածութիւն կ'առաջացնէ Թուրքիոյ հետ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններուն մէջ, նշած է Ahval-ը:

Աւելի վաղ 37 ծերակուտականներէ բաղկացած խումբը միացած էր Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ՝ Մենենտեսին`ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Պայտընին կոչ ընելով հետեւելու Քոնկրէսի օրինակին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը լիովին եւ պաշտօնապէս ճանաչելու գործով, հաղորդած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA):

«Նախագահ Պայտըն, Սենաթի մէջ իր ծառայութեան ցուցակի եւ Պալատի ու Սենաթի երկկուսակցական բանաձեւերու շնորհիւ, որոնց ան աջակցած է որպէս թեկնածու, բոլոր հնարաւորութիւնները ունի մերժելու «բերանները փակելու» թրքական կանոնը, յամառօրէն չընդունելով Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակական դատապարտումը եւ ոգեկոչումը ամբողջ ԱՄՆ կառավարութեան մաշտապով»,- այս առնչութեամբ ըսած է ANCA-ի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Համբարեան: