image
Հրատապ լուրեր:

Միացեալ Նահանգները կրկին աջակցութիւն յայտնած է Իրանի ցուցարարներուն

Միացեալ Նահանգները կրկին աջակցութիւն յայտնած է Իրանի ցուցարարներուն

Ուաշինկթըն կ՚աջակցի Իրանի խիզախ ժողովուրդին՝ Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ընթացող ցոյցերու լոյսի ներքոյ, X-ի իր էջին գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն:

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ յայտարարած է, որ իրանեան որոշ քաղաքներ անցած են ցուցարարներու վերահսկողութեան տակ: Ան նախազգուշացուցած է՝ եթէ ուժայինները սպանեն իրանցի ցուցարարները, Միացեալ Նահանգները ցաւոտ հարուած պիտի հասցնէ Իսլամական Հանրապետութեան:

Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը չեն դադրիր արդէն մօտ երկու շաբաթ: Ի սկզբանէ ցոյցերը բռնկած էին ազգային արժոյթի անկման եւ գնաճի պատճառով, սակայն այժմ ստացած են նաեւ հակակառավարական բնոյթ:

Ամբողջ երկրին մէջ հեռախօսային եւ համացանցայի կապը սահմանափակուած է։ Հաղորդուած է, որ ցոյցերու ընթացքին զոհերու թիւն արդէն հատած է 60-ը, այդ շարքին՝ քաղաքացիական անձինք եւ իրաւապահներ: Ձերբակալուածներու թիւը կը գերազանցէ 2000-ը: Թեհրանը մեղադրած է Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները երկրին մէջ անկարգութիւններ հրահրելու համար: