Յայտնի են Ուքրանիոյ հարցով նոր եռակողմ հանդիպման օրերը, յայտնած է Փեսքովը։
Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներուն նոր հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 17-ին եւ 18-ին, այս մասին յայտնած է Քրեմլի ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքովը։
«Բանակցութիւններու հերթական փուլը պիտի կայանայ եռակողմ ձեւաչափով՝ Ժընեւի մէջ»,– ըսած է ան։
Ռուսական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքին։