image

Սփիւռքն ու Հայաստանը չպէտք է մոռնան հայկական Երուսաղէմը. Սաղիմահայ երիտասարդ

Սփիւռքն ու Հայաստանը չպէտք է մոռնան հայկական Երուսաղէմը. Սաղիմահայ երիտասարդ

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչական անդամ, գաղութի աշխոյժ երիտասարդներէն Յակոբ Ճէրնազեան:

 

-Ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ Երուսաղէմի հայկական համայնքը:

Այսօր Երուսաղէմի հայ գաղութը մի քանի դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, որոնցմէ հիմնականը համայնքի թիւի նուազումն է, հայութեան թիւը տարուէ տարի կը նօսրանայ, գաղութը փոքրացած է պատերազմներու պատճառով, ինչի հետեւանքով ալ գաղութը որոշ առումներով տկարացած է: Կան նաեւ հարցեր՝ կապուած տարբեր քրիստոնեայ համայնքներու, ինչպէս նաեւ կառավարութեան հետ յարաբերութիւններուն: Բայց կրնամ ըսել, որ հակառակ փոքրաթիւ ըլլալուն, մենք տակաւին շատ զօրաւոր գաղութ մըն ենք, բոլորս Վանքին շուրջ կ'ապրինք եւ անիկա մեզի կամք եւ ուժ կու տայ, որպէսզի մեր հայութիւնը եւ ազգասիրութիւնը պահենք ու պահպանենք, շնորհիւ վանքէն ներս գործող հայկական վարժարանին, միութիւններուն եւ պատրիաքութեան, որ բոլորիս մէկ նպատակի եւ  մէկ գաղափարի շուրջ կը հաւաքէ:

Կ'ուզեմ ըսել, որ Երուսաղէմի գաղութը իր արժէքով կը տարբերի սփիւռքեան միւս գաղութներէն, Երուսաղէմի սրբատեղիներուն մէջ մենք շատ հարուստ կալուածներ եւ իրաւունքներ ունինք, հետեւաբար այս գաղութը միշտ պէտք է գոյատեւէ, մենք որպէս հայեր չենք կրնար անտեսել այս գաղութը, իւրաքանչիւր հայու համար ինչպէս Հայաստան հայրենիքը , Երուսաղէմը նոյնպէս իրենց սրտերուն մէջ պէտք է ըլլայ, այստեղ կ'ուզեմ մեր պատրիարքին խօսքը ըսել՝ ինչքան հայ ուխատաւորներ Երուսաղէմ այցելեն, այդքան Իսրայէլի եւ Պաղեստինի կառավարութիւնները կը հասկնան որ հայութեան կողմէ լուրջ հետաքրքրութիւն կայ Երուսաղէմի հայկական ժառանգութեան հանդէպ: Հայութիւնը պէտք է զօրակցի, դուրսի սփիւռքը չի գիտեր մենք ինչքան գործ կը տանինք, ինչպիսի ամենօրեայ պայքարներ կը մղենք մեր իրաւունքներու պահպանման համար: Հայը երկար տարիներու պատմութիւն ունի Երուսաղէմը մէջ եւ այդ պատմութիւնը չի կրնար կտրուիլ, պիտի շարունակուի , Հայաստանը եւ Երուսաղէմը հայուն համար երկու հայրենիքներ են եւ ասիկա պէտք է բոլորը իմանան եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան եւ գաղութին զօրավիգ կանգնին, երբեք դուրսէն չքննադատեն մեր տարած աշխատանքը, քանի որ ոչ ոք գիտէ մենք ինչերէ կ'անցնինք հոս Երուսաղէմի մէջ: 


-Այս շրջանին շատ կը խօսուի որ Իսրայէլի Քնէսէթը պիտի ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այդ առումով ալ մի քանի անգամ քննարկութեան դրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, բայց չճանչցուեցաւ, ձեր կարծիքով ինչ են դրդապատճառները, որ Իսրայէլի մէջ վերջին շրջանին այս օրակարգը սկսած է յաճախ արծարծուիլ:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արդէն 19 տարիներէ ի վեր միշտ դրուած է Իսրայէլի Ազգային Ժողովի սեղանին եւ բոլորս գիտենք, որ  ցայսօր Իսրայէլի կառավարութիւնը չէ ճանչցած Ցեղասպանութեան փաստը եւ ամէն տարի կը մերժուի այդ առաջարկը կառավարութեան կողմէ:  Վերջինը Մայիսին էր, երբ գաղութի ներկայացուցիչները հրաւիրուեցան ԱԺ նիստին եւ այնտեղ դարձեալ քննարկուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, սակայն դարձեալ յետաձգուեցաւ:  Տ.Նուրհան Պատրիարքը այս առթիւ նամակ ուղարկեց ԱԺ խօսնակին, ըսելով, որ այլեւս չենք հանդուրժեր Ցեղասպանութեան հարցի Իսրայէլի կողմէ որպէս խաղաքարտ օգտագործումը եւ կը խնդրենք, որ յստակօրէն մեր հարց ընդունուի խորհրդարանին կողմէն: Նշեմ, որ շարք մը խոհրդարանականներ անպաշտօն կերպով յստակօրէն արտայայտուած են, որ իրենք պատրաստ են ընդունիլ Հայոց Ցաեղասպանութիւնը, բայց ներկայիս չեն կրնար ընդունիլ, Թուրքիոյ հետ իրենց ունեցած զգայուն յարաբերութիւններէն ելլելով:

Հիմա հայերէն շատեր կ'ըսեն, որ այլեւս չպայքարինք այս հարցի  համար, արդէն սուրբ դարձած մեր զոհերուն հոգիները  հանգիստ ձգենք, բայց իմ կարծիքով, այնքան ատեն որ խորհրդարանին մէջ կան ուժեր, որոնք իսկապէս յանուն արդարութեան կ'ուզեն որ մեր հարցը ճանչցուի եւ այդ ուղղութեամբ պայքար կը տանին 19 տարիէ ի վեր, մենք պէտք է յարգենք իրենց պայքարը եւ շարունակենք ներկայ գտնուիլ ժողովներուն, այո մեր հարցը խաղալիք չէ, բայց մեզի յարգողներ կան եւ մենք ալ պէտք է յարգանք ցուցաբերենք եւ ընդունինք իրենց աշխատանքը:


-Յաճախ կը խօսուի որ խառն ամուսնութիւնները լուրջ սպառնալիք են Երուսաղէմի հայ համայնքին համար, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով եւ համայնքը միջոցներ ունի՞ այդ երեւոյթին դէմ պայքարելու համար:

Այդպէս չէ իրականութեան մէջ, մեր գաղութին մէջ օտար ամուսնութիւնները մեծ տոկոսներ չեն կազմեր, եթէ կան,ապա մէկ -երկու դէպքեր են անոնք եւ եթէ եղած են, քրիստոնեայ ուրիշ համայնքներու անդամներու հետ ամուսնացած են: Երուսաղէմի հայերուն մեծամասնութիւնը հայու հետ կ'ամուսնանան եւ այդ առումով լուրջ մտահոգոթիւն մը չունի գաղութը:

Պատրիարքարանը իր հերթին նորապսակ զոյգերուն տուներ կը տրամադրէ, հակառակ որ վանքը շատ ազատ տուներ չունի իր տարածքին մէջ, որպէսզի բոլորին կարենայ տրամադրել, որովհետե ինչպէս գիտէք վանքի տուներուն մէջ Ցեղասպանութեան ժամանակէն ընտանիքներ կան, որոնք մինչեւ այսօր այդ տուներուն մէջն են, յիշեցեմ նաեւ որ վանքի տուները անվճար կը տրամադրուին բոլորին:

Վերջին 2 տարիներուն մօտ 7 զոյգ ամուսնացան մեր գաղութին մէջ, բոլորը հայերու հետ, ինչը լաւ թիւ կը համարուի մեր գաղութին համար, բայց դժբախտաբար ծնելիութեան թիւը քիչ է, իսկ մեռնողներու թիւը՝ շատ, այդ պատճառով է, որ գաղութը կը նօսրանայ:

 

-Կը կարծէք որ Հայաստան եւ Իսրայէլ պէտք է իրենց յարաբերութիւնները զարգացնեն , եթէ այո ի՞նչ հիմքեր կան այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ:

Իմ կարծիքով, Իսրայէլի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են, մանաւնադ որ թէ՛ հրեայ, եւ թէ՛ հայ ազգը երկուքն ալ հին ազգեր են եւ երկուքն ալ հարուստ պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող ազգեր են, հետեւաբար, անկախ առանձին հարցերու շուրջ եղած տարակարծութիւններէն, փոխյարաբերութիւններու պահպանումն ու ամրացումը երկու կողմին համար ալ օգտակար է, երկու կողմերն ալ տարբեր ոլորտներու մէջ իրար  հետ  գործակցելու   առիթներ ունին։