Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցոն յայտարարած է, որ Սլովաքիան կրնայ դադրեցնել Ուքրանիոյ ելեկտրական ուժանիւթի մատակարարումը՝ կազի մատակարարումներու շուրջ առաջացած լարուածութեան պատճառով։ Ան նշած է, որ հնարաւոր պատժամիջոցները պիտի քննարկուին 2025-ի յունուար 1-էն ետք։
Այս մասին հաղորդած է BBC-ին:
«Յունուար 1-էն ետք մենք պիտի գնահատենք իրավիճակը եւ Ուքրանիոյ դէմ հնարաւոր պատասխան միջոցները։ Եթէ այդ անխուսափելի ըլլայ, մենք պիտի դադրեցնենք ելեկտրականութեան մատակարարումը, որու կարիքն ունի Ուքրանիան ցանցի անջատումներու ժամանակ։ Կամ ալ մենք պիտի պայմանաւորուինք այլ ուղիներու շուրջ», -յայտարարած է Ֆիցոն ։
Ուքրանիոյ տարածքով ռուսական կազի տարանցումը պիտի դադրեցուի 2025 թուականի յունուար 1-ի առաւօտեան՝ համապատասխան պայմանագրի գործողութեան աւարտի կապակցութեամբ։