Վլատիմիր Զելենսքի մեկնաբանած է Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու հեռախօսազրոյցը, որ տեղի ունեցած է Պերլինի նախաձեռնութեամբ: Շոլց դատապարտած էր Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը եւ կոչ ըրած վերջ տալու հակամարտութեան եւ սկսելու խաղաղ բանակցութիւններ:
«Շոլցի զանգը Փութինին Փանտորայի արկղ է: Այժմ կրնան ըլլալ այլ զրոյցներ, իսկ այդ այն է, ինչ Փութին վաղուց կը ցանկար»,- պնդած է Ուկքրանիոյ նախագահը:
Զելենսքիի կարծիքով՝ Ռուսիոյ նախագահի հետ բանակցութիւնները ոչ մէկ արդիւնք կու տան, քանի որ ան խաղաղութիւն չ'ուզեր:
««Մինսք-3» պիտի չըլլայ, մեզի իրական խաղաղութիւն պէտք է»,- աւելցուցած է նախագահը։