Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանէն բացի չկայ ուրիշ մէկը, որուն միաժամանակ կը վստահին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին. նման պնդմամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Հաքան Ֆիտանը:
Վերջինս այս պնդումն ըրած է այն պարունակին մէջ, որ անհրաժեշտ է Թուրքիոյ մէջ չորս ղեկավարներու մասնակցութեամբ գագաթնաժողով կազմակերպել:
«Մենք պատրաստ ենք առաջնորդներու գագաթնաժողովին։ Շատ կարեւոր է, որ Փութինը, Թրամփը եւ Զելենսքին հանդիպին։ Էրտողանէն բացի այլ անուն չկայ, որուն երեք առաջնորդներն ալ միաժամանակ վստահին», - թուրք նախարարի խօսքերը մէջբերած է TRT Haber-ը։