Օրերս, տեղի ունեցած է Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի 13-18 տարեկան պատանիներու հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող «Սիամանթօ» լսարանի 2024-25 տարեշրջանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի լրատւութենէն:
Ստորեւ հրապարակուած լուրը՝
Շաբաթ, 8 Յունիսին, «Սիամանթօ» լսարանի 2024-25 տարեշրջանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Օրուան հանդիսավարն էր Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի՝ Հերա Մախուլեան։ Բարի գալուստի խօսքէն ետք, ձեռնարկը սկսաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի աղօթքով։ «Սիամանթօ» լսարանի տնօրէնուհի՝ Անի Ներսէսեան, եւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, իրենց շնորհաւորութեան խօսքերը ուղղեցին երեք շրջանաւարտներուն՝ Վահան Չաղլասեան (Նիւ Ճըրզի), որ անձամբ ներկայ էր, եւ Զաւէն Գուշագճեան ու Կրեկորի Փափազեան (Պոսթըն), որ առցանց միացան։ Իրենց սրտի խօսքերով, աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին պատասխանատու մարմիններուն եւ ուսուցչակազմին։ Ուսուցիչներէն Լենա Նազարեան (Տիթրոյթ) եւ Ռաֆիի Ռշտունի (Փրաւիտընս) (երրորդ ուսուցիչը՝ Արթուր Աթոյեան, Երեւանէն, բացակայ էր), իրենց հերթին, նոյնպէս գնահատանքի եւ քաջալերանքի խօսքեր ունեցան երեք շրջանաւարտներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ նախկին շրջանաւարտ Նարեկ Գասարճեան եւ Հ․Օ․Մ․-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ տիկ. Մարկրէթ Պապիկեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորանքի խօսքը յայտնեց շրջանաւարտ պատանիներուն եւ յոյժ գնահատեց անոնց ծնողները, որոնք զիրենք առաջնորդած էին դէպի «Սիամանթօ» լսարան։ Ան նաեւ վեր առաւ Ուսումնական Խորհուրդի եւ վարիչ տնօրէնուհիի աշխատանքը, որ նախանձախնդրօրէն որակեալ ծրագրեր կը մշակէ մեր նորահաս սերունդի դաստիարակութեան համար։ Սրբազան Հօր պահպանիչով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
Ուսումնական Խորհուրդը շնորհաւորռց շրջանաւարտները եւ մաղթեց, որ իրենց ստացած գիտելիքները բաժնեն իրենց շրջապատին հետ։ Յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ նուիրեալ ուսուցիչներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին իրենց աշխատանքին մէջ։