Բերիոյ Հայոց Թեմի «Շողակաթ» երգչախումբի վարչութիւնը, օրերս, այցելած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանին եւ հրաւիրած են Սրբազան Հայրը երգչախումբի Ամանորեայ խրախճանքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Շողակաթ» երգչախումբի վարչութիւնը այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս։
Երգչախումբի վարչութիւնը անդրադարձաւ եկեղեցական արարողութիւններուն երգչախումբին բերած մասնակցութեան։ Այցելուները հրաւիրեցին Սրբազան Հայրը երգչախումբի Ամանորեայ խրախճանքին։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով, գնահատեց երգչախումբի անդամուհիներուն եկեղեցանուէր ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։