image

Սերոբ Սահակեան- Կիպրոսի Համահայկական 6-րդ Խաղերուն Գրանցած Փայլուն Արդիւնքներուն Մասին

Սերոբ Սահակեան-  Կիպրոսի Համահայկական  6-րդ Խաղերուն Գրանցած Փայլուն    Արդիւնքներուն Մասին

Փոքրիկն  Կիպրոս  Մետալակիրներուն   5-րդ   հորիզոնականին վրայ է:Միայն  2 տարիներ առաջ   գտնուեցայ  Կիպրոս,  ուր նաեւ պարագաներու  բերումով հաղորդուեցայ կիպրահայոց առօրեային:Օրերն կը զուգադիպէին Կիպրոսի  դրամատնային  համակարգի փլուզման պահերուն հետ,  երբ ընդհանրապէս կարելի չէր աւելի  լաւատես վաղուան  մը  մասին խօսիլ:Բայց եւ այնպէս այդ օրերն անցան ու Կիպրահայութիւնը շատ բանով  յառաջխաղացք ապրեցաւ: Հ.Մ.Ը.Մ.ը գլուխ բերաւ իր դաշտի շինարարութիւնը, յարդարանքը: Շուտով կազմակերպուեցաւ կարծեմ սկաուտական շարժումը , անոր զուգահեռ գայլիկականը, քիչ ետք մարզականը,  ուրիշ բեմերու  վրայ մէկ թէ երկու թատերական  բեմադրութիւններ  , վերջապէս լաւ լուրեր:

Պէտք է խոստովանիմ թէ որոշ նախանձով այդ բոլորի հետ քայլ պահեցի բայց սա մէկն ՝ համահայկականէն  եօթ մետալով տուն վերադարձն երբեք հաշուի մէջ չկար: Արդեօք ինչպէս, ուր, որուն  ջանքերով իրականութիւն դարձաւ սա հրաշքն դժուար թէ տրամաբանութիւնը բացատրէ, երբ միայն երկու տարի առաջ նոյն կիպրահայերն հազիւ թէ մի մետալիոնի յոյսով ուղեւորուեցան հայրենիք:Այո կիպրահայոց սա հիանալի ներկայացումը , փաստօրէն «եկայ տեսայ յաղթեցին» վառ գրաւականը պիտի մնայ անոր որ «նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար» :Վերջապէս եթէ շարժառիթը այս հպարտանալի ներկայացման Կիպրոսի վերազարթնող Հ.Մ.Ը.Մ.ի առոյգ շարքերն են թէ կիպրահայոց նորընտիր պետական ներկայացուցիչ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆի անխոնջ աշխատանքը թէ նորոգ նշանակեալ ՆԱՐԵԿ արքեպիսկոպոսի օրհնութիւնները, չգիտեմ ,պարզապէս կ'ուզեմ շնորհակալ ըլլալ ու շնորհաւորել այն բոլորը,  որոնք այս բարձունքին հասցուցին ԿԻՊՐԱՀԱՅ գաղութը թէ անոր կազմաւորող յարկերը:Դարձեալ պիտի խոստովանիմ թէ շատ բան ունինք ընդօրինակելիք թէ ուսանելիք ԿԻՊՐԱՀԱՅՈՑՄԷ ու ոչ միայն ես: