Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանը, հակառակ բոլոր մակարդակի առկայ դժուարութիւններուն կը շարունակէ իր երթը։ Այս առումով ալ օրերս վարժարանը գրանցած է փայլուն արդիւնքներ Լիբանանի Պաքալորիայի պետական քննութեանց։
Մեսրոպեանի սաներուն գրանցած փայլուն արդիւնքներուն մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Վարժարանին կողմէ տարածուած պաշտօնական լրատւութիւնէն։
Ստորեւ այդ յաջողութիւններուն մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը՝
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը մեծագոյն ուրախութեամբ կը շնորհաւորէ իր 24 աշակերտները՝ 2025 թուականի Լիբանանի պետական պաքալորէայի քննութիւններուն իրենց յաջողութեան առիթով։ Կենսաբանութեան եւ Ընդհանուր գիտութիւններու բաժիններուն մէջ վարժարանին յաջողութիւնը կազմեց 100 առ 100։ Գրական բաժինի երկու աշակերտներու, որոնք պիտի մասնակցին լրացուցիչ քննութեան, կը մաղթենք նոյնպիսի յաջողութիւն։
Արձանագրուած արդիւնքը կը հանդիսանայ վառ արտայայտութիւն մը մեր վարժարանի կրթական մակարդակին, ուսուցիչներու պատրաստուածութեան եւ աշակերտներու աշխատասիրութեան։
Նշենք ի մասնաւորի, որ
• 1 աշակերտ արժանացաւ «Շատ լաւ» յիշատակումի,
• 7 աշակերտներ արժանացան «Լաւ» յիշատակումի։
Ամենաջերմ շնորհաւորութիւններով կ՛ողջունենք մեր աշակերտներուն ընտանիքները, ինչպէս նաեւ մեր ամբողջ ուսուցչական կազմին անդամները, որոնք օրինակելի նուիրուածութեամբ պատրաստեցին այս նուաճումի ճամբան։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ լիբանանահայ ընկերութեան իր վստահութեան համար եւ կրկին կը հաստատենք մեր յանձնառութիւնը ապահովելու որակեալ կրթութիւն, որ մեր աշակերտներուն կը շնորհէ իրական կարողութիւններ՝ շարունակելու համալսարանական կրթութիւնը ամենախստապահանջ հաստատութիւններու մէջ եւ կառուցելու կայուն ապագայ մը աշխատանքի ասպարէզին մէջ։
Յիշեցնենք, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ պիտի գործադրէ նաեւ Ֆրանսական պետական պաքալորէայի (Baccalauréat Français) ծրագիրը՝ Լիբանանեան պաքալորէային կողքին, 10-րդ դասարանէն սկսեալ։