Մեծ Բրիտանիոյ ընդդիմադիր Աշխատաւորական (Labor) կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սատիք Խան վերընտրուած է Լոնտոնի քաղաքապետ եւ երրորդ անգամ կը գրաւէ այդ պաշտօնը։
Այս մասին կը վկայեն 2 մայիսին Անգլիոյ մէջ կայացած տարածաշրջանային ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները։
53-ամեայ քաղաքական գործիչը հաւաքած է ձայներու 43,7%-ը, մինչդեռ իշխող Պահպանողական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սիւզան Հոլ ստացած է քուէարկած լոնտոնցիներու 32,6%-ի աջակցութիւնը։
Լոնտոնի քաղաքապետի պաշտօնը ստեղծուած է 2000 թուականին։ Քէն Լիվինկսթըն ղեկավարած է քաղաքը 2000-2008 թուականներուն, Պորիս Ճոնսըն 2008-2016 թուականներուն:
Մինչեւ Խան ոչ ոք յաջողած է երեք անգամ քաղաքապետ ընտրուիլ։