image

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Երրորդ բեւեռի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի. Երրորդ բեւեռի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը

44-օրեայ պա­տերազ­մէն ան­ցաւ աւե­լի քան չորս տա­րի, բայց տա­կաւին ամէնօրեայ դրու­թեամբ, զա­նազան պաշ­տօ­նական ու ան­պաշտօն հար­թակնե­րու վրայ, քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու ու փոր­ձա­գէտ­նե­րու մի­ջեւ վի­ճար­կումնե­րէ ան­պա­կաս են անոր առնչուող բե­ւեռա­ցած ահար­կու յար­ձա­կումնե­րը, փո­խադարձ մե­ղադ­րա­կան ամ­բաստա­նու­թիւննե­րը։ Ընթացքի մէջ են նաեւ կարգ մը բարձրաս­տի­ճան զի­նուո­րական­նե­րու դա­տավա­րու­թիւններ։ Հա­կառակ ժա­մանա­կի թա­ւալու­մին, վէր­քե­րը չեն սպիացած. մաղ­ձը, թշնա­մու­թիւնը, քա­ղաքա­կան խօ­սոյ­թի մէջ թշնա­մական կիր­քը նուազե­լու հա­կում չեն ցուցաբերեր։ Դա­ւադ­րա­կան տե­սու­թիւննե­րը, կեղծ լու­րե­րու շրջա­նառու­թիւնը սո­վորա­կան երե­ւոյթ դար­ձած են։ Նիւ­թը այնքան տագ­նա­պալի ու ող­բերգա­կան է, որ ցայժմ ան­կա­րելի եղած է եր­րորդ՝ հա­ւասա­րակշռող բե­ւեռի մը գո­յացու­մը, դէպ­քե­րը առար­կա­յական փաս­տագրա­կան հիմ­քե­րով ու­սումնա­սիրե­լու հա­մար։

Թէեւ ստեղ­ծուեցաւ 44-օրեայ պա­տերազ­մի հան­գա­մանքնե­րը ու­սումնա­սիրելու կոչուած խորհրդա­րանա­կան քննիչ յանձնա­ժողով մը, որ 2024 Նո­յեմ­բերին պէտք էր իր զե­կոյ­ցը ներ­կա­յաց­նէր Խորհրդա­րան, որ­պէսզի քննար­կուէր փակ նիս­տի ըն­թացքին,– նկատի ունենալով անոր մէջի գաղտնի տե­ղեկութիւնները–։ Սա­կայն, ցայ­սօր չէ ներ­կա­յացուած այդ զե­կոյ­ցը։

Կա­րեւոր հան­գա­մանք է նաեւ այն երե­ւոյ­թը, որ սոյն Քննիչ յանձնա­ժո­ղո­վին իր մաս­նակցու­թիւնը զլա­ցան ընդ­դի­մադիր քա­ղաքա­կան ու­ժե­րը, ինչ որ Յանձնա­խումբը վե­րածեց իշ­խող կու­սակցու­թեան խորհրդա­րանա­կան ան­դամնե­րու քննիչ մարմինի մը, ար­ժե­զրկելով զե­կոյ­ցի եզ­րա­կացու­թիւննե­րը։

Վեր­ջա­պէս, վեր­ջերս լոյս տե­սաւ Երե­ւանի «Հու­մա­նիտար հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րի կենտ­րո­ն»-ի՝ 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մին նուիրուած՝ «44. Պար­տութիւն / 2020-ի ար­ցա­խեան պա­տերազ­մը՝ իրո­ղու­թիւններ եւ հե­տեւու­թիւններ» խորագրեալ հրատարակութիւնը, հե­ղինա­կու­թեամբ՝ Վի­գէն Չըթըրեանի, Աշոտ Ոս­կա­նեանի, Կա­րէն Յա­րու­թիւնեանի եւ Մկրտիչ Կարապետեանի։ Վեր­լուծա­կան ու քննա­կան աշ­խա­տասի­րու­թիւն մը, որ հիմ­նուած է Ժը­նեւի պատ­մութեան եւ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւննե­րու դա­սախօս Չը­թըրեանի՝ քա­ղաքա­կան ու զի­նուո­րա­կան բարձրա­գոյն պաշ­տօններ վարած անձնա­ւորու­թիւննե­րու եւ փոր­ձա­գէտ­նե­րու հետ կա­տարած շուրջ երե­սունհինգ հար­ցազրոյցնե­րու վրայ։

Թէեւ սա առա­ջին ու­սումնա­սիրա­կան փոր­ձը չէ, ինչպէս սոյն գիրքի հա­մահե­ղինակ Կա­րէն Յա­րու­թիւնեան կը նշէ «2020-ի պա­րտութեան կի­սապա­տաս­խան հար­ցե­րը» վեր­նա­գիրը կրող իր գրու­թեան մէջ։ Ցայժմ, ղա­րաբա­ղեան երկրորդ պա­տերազ­մի վեր­լուծու­թեան տաս­նեակ փոր­ձեր եղած են, ու­սումնա­սիրե­լու հա­մար, 44-օրեայ պա­տերազ­մի պատ­ճառներն ու հե­տեւանքները, որոնցմէ սփիւռքա­հայու­թեան ծա­նօթ է Ժի­րայր Լի­պարի­տեանի, Թա­լին Փա­փազեանի եւ Ռո­պէր Այ­տա­պիրեանի 2021-ին հրա­տարա­կած «Սպի­տակ գիրք. 2020-ի Ղա­րաբա­ղեան պա­տերազ­մը եւ Հա­յաս­տա­նի ապա­գայ ար­տա­քին եւ անվտան­գութեան քա­ղաքա­կանու­թիւնը» զե­կոյ­ցը։

«44. Պար­տութիւն / …»-ը իւ­րա­յատուկ է, որով­հե­տեւ հիմ­նուած է 35 հար­ցազրոյցնե­րու վրայ, որոնք քա­ղաքա­կան բո­լոր հո­րիզոն­նե­րու անձնա­ւորու­թիւննե­րու կը պատ­կա­նին, Հա­յաս­տա­նէն եւ Ար­ցա­խէն, որոնց մէջ նե­րառռուած են ինչպէս վար­չա­պետ Փա­շինեանը, այնպէս ալ նա­խագահ Սերժ Սար­գի­սեանը։ Բա­ցակայ է Քո­չարեան։ Բայց կան նաեւ հար­ցազրոյցներ անա­նուն բար­ձրաստի­ճան երեք անձնա­ւորու­թիւննե­րու, որոնք մեր­ժած են իրենց անունին բա­ցայայ­տումը։ Սոյն աշ­խա­տասի­րու­թիւնը կա­րեւոր է փաս­տագրա­կան հիմ­քեր ստեղ­ծե­լու, Հա­յաս­տա­նի բա­նակա­շինու­թեան ու ապա­գայ անվտան­գութեան հա­մակար­գը կա­ռու­ցե­լու հա­մար տուեալ­ներ ձեռք բե­րելու առու­մով, հե­ռու՝ քա­ղաքա­կան շա­հար­կումնե­րէ։

Կա­րեւոր է նաեւ հան­րութեան տե­ղեկատ­ւութիւն տրա­մադ­րե­լու առու­մով, որ­պէսզի երկրի քա­ղաքա­ցինե­րը եւս լու­սա­բանուին տե­ղի ու­նե­ցած ար­հա­ւիր­քը ընբռնե­լու եւ ըստ այնմ՝ ապա­գային աւե­լի պա­հան­ջա­տէր ըլ­լալու համար երկրի քա­ղաքա­կան ղե­կավա­րու­թե­նէն։

Սոյն գիր­քի հրա­տարա­կու­թեամբ 44-օրեայ պա­տերազ­մի խու­թե­րը, մութ կէ­տերը ամ­բողջո­վին բա­ցայայ­տուած չենք կրնար սե­պել, սա­կայն, կա­րե­­ւոր քայլ մըն է քննա­դատա­կան ու քննա­կան մտա­ծողութեամբ մօ­տե­նալու հարցին, ինչպէս նաեւ կա­րեւոր է իբրեւ Հայաստան-Սփիւռք գիտաշխատողներու գործակցութեան արգասիք։

 

Ժ.Չ.