image

Սարսափելի լուր Սուտանէն. Երկու հայ քոյրեր մահացած են սովի պատճառով

Սարսափելի լուր Սուտանէն. Երկու հայ քոյրեր մահացած են սովի պատճառով

Սուտանէն սարսափելի լուր ստացանք։ 

Սուտանի «Արեւելք»-ի աղբիւրին մօտիկ կանգնող անձեր կը հաղորդեն, որ նօսրացած համայնքի վերջին անդամներէն համարուող երկու քոյրեր մահացած են սովի մատնուելու հետեւանքով։ 

Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ Զուարթ եւ Արփի Եկաւեաններ, որոնք կը բնակին մայրաքաղաք Խարթումի թիւ 51 փողոցին վրայ գտնուող իրենց յարկաբաժինին մէջ մահացած են ուտելիք եւ ջուր չունենալու, այլ խօսքով՝ սովի հետեւանքով։ 

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ անոնց ճաշ մատակարարող անձը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին շրջանին մէջ մոլեգնած մարտերուն հետեւանքով չէ կարողացած հասնիլ անոնց օգնութեան, որմէ ետք ալ տարածուած է անոնց մահուան բօթը։ 

Համայնքի տարբեր անդամներ երկու քոյրերուն առաջարկած են լքել իրենց բնակարանը եւ հաստատուիլ աւելի ապահով վայր մը, սակայն անոնք մերժած են բոլոր խորհուրդները եւ բնակարանը կորսնցնելու վախն ունենալով փորձած են դիմանալ։ 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ շուրջ երեք ամիսէ ի վեր ընթացող սուտանեան պատերազմի հետեւանքով հայկական նօսր գաղութը գրեթէ քայքայուած է։ 

Սուտանի խնդիրներով մեծ թիւով վերլուծութիւններ գրողներու կարծիքով քաղաքացիական բնոյթ ունեցող պատերազմը կրնայ շարունակուիլ նաեւ գալիք ամիսներուն։