ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Ռուսիոյ նկատմամբ 100%-անոց նոր մաքսատուրքեր սահմանելը կրնայ յանգեցնել նաւթի համաշխարհային գիներու կտրուկ բարձրացման։ Այս մասին յուլիս 17-ին յայտնած է CNN հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
«Նաւթի համաշխարհային գիները կրնան կտրուկ բարձրանալ, եթէ Ռուսիան յանկարծ դադրեցնէ իր օրական աւելի քան 7 միլիոն պարելի նաւթի արտահանութիւնը», — կը նշուի յօդուածին մէջ։
Հրատարակութեան տուեալներով՝ նման նախաձեռնութիւնը բացասաբար պիտի անդրադառնայ Ասիոյ երկու ամենամեծ շուկաներուն, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի վրայ, որոնք պիտի փորձեն գտնել նաւթի այլ աղբիւրներ՝ Ուաշինկթընի կողմէ սահմանուած բարձր մաքսատուրքերէն խուսափելու համար։
Կը նշուի, որ նման սահմանափակումներու կիրարկումը՝ երկիրներուն ռուսական նաւթ գնելու կանխարգելման նպատակով, պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու «բութ գործիքը»։ Հեռուստաալիքը մանրամասնած է, որ այդ մաքսատուրքերը կրնան «աւելի շատ քաոս սերմանել աշխարհի միւս հատուածներուն մէջ»։
Յուլիս 14-ին ամերիկացի առաջնորդը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ նկատմամբ պիտի կիրառէ 100 առ հարիւր երկրորդային մաքսատուրք, եթէ Ուքրանիոյ մէջ տեւող հակամարտութիւնը չլուծուի 50 օրուան ընթացքին։ Ան նաեւ ըսած է, որ կը սատարէ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու վերաբերեալ Քոնկրեսի նախաձեռնութիւնը, սակայն «մինչեւ հիմա չի գիտեր՝ արդեօք անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, թէ ոչ»։