Երուսաղէմէն կը տեղեկանանք, որ այսօր, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարի կամարներուն տակ տօնախմբուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին յիշատակը: Առաջին եկեղեցւոյ կողմէ ընտրուած եօթը սարկաւագներէն ամենէն փայլուն եւ գործունեայ սպասարկուն կը կոչուէր Ստեփանոս, որ ջերմեռանդ հաւատացեալ էր տակաւին Քրիստոսի կենդանութեան շրջանին: Ս. Ստեփանոսի յիշատակութիւնը իբրեւ եկեղեցական Աւագ Տօն, Երուսաղէմի մէջ կը տօնախմբուի Յունուար ամսուան սկիզբը, որ կը կանխէ Ս. Ծնունդն ու Նոր Տարին:
Տօնին Ս. Պատարագը Սուրբ Ստեփանոսի մատրան մէջ մատոյց Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբեղայ Հայրապետեան:

Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ