Ռուսաստանի Դաշնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գտնուող Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան համար իրականացուող անհատական նիւթական օժանդակութեան միջոցառումներու համաֆինանսաւորման նպատակով Հայաստանին անհատոյց 10 մլն եւրօ գումար տրամադրած է: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութենէն։
Սոյն թուականի 28 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ համաձայնագիր ստորագրուած է, որով Ռուսաստանի Դաշնութիւնը 10 մլն եւրօ գումարի անհատոյց նիւթական օգնութիւն պիտի տրամադրէ ՀՀ կառավարութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գտնուող Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան համար իրականացուող նիւթական օժանդակութեան միջոցառումներու համաֆինանսաւորման նպատակով: