image

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Դրամահաւաքը 7.5 Միլիոն Տոլար Գոյացուց

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Դրամահաւաքը 7.5 Միլիոն Տոլար Գոյացուց

29 Նոյեմբերին տեղի ունեցած «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի պատկերասփռուած աւանդական միջազգային դրամահաւաքի ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ այս տարուան եւ նշեալ յայտագիրին ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, կարելի եղած է 7.5 միլիոն տոլար գոյացնել։

6 ժամեր տեւած յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցան վերջին 30 տարիներուն ընթացքին հիմնադրամի իրագործումներուն նուիրուած տեսանիւթեր։

Ձեռնարկուին հանդիսավարներն էին՝ Սօս Ճանիբեկեան, Գեւ Օրգեան եւ Անի Խաչիկեան, իսկ մասնակցողներու շարքին էին համայնքային ղեկավարներ, արուեստագէտներ եւ հովանաւորներ։

Հիմնադրամը ներկայիս կ՛իրականացնէ Հայաստանի շարք մը գիւղերու եւ Գիւմրիի մէջ շինարարական ծրագիրներ՝ օգնութեան ձեռք երկարելու համար Արցախէն բռնի կերպով տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ բարեսիրական, մշակութային, առողջապահական, մարզական եւ այլ ծրագիրներ կը մշակէ, տեղեկացուց  հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի ատենապետ Մարիա Մեհրանեան։