Ուքրանիոյ զինուած ուժերու մարդկային կորուստը շատոնց գերազանցած է 1 միլիոնը եւ կը շարունակէ աճիլ, քանի որ Քիեւի ռեժիմը վերածուած է կազմակերպուած յանցաւոր խումբի։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման նուիրուած դեսպանատան մէջ կազմակերպուած կլոր սեղանի ժամանակ։
«Իսթանպուլի մէջ կայացած բանակցութիւններու շնորհիւ Ռուսիան եւ Ուքրանիան փոխանակած են իւրաքանչիւր կողմէ 2,500 զինծառայող։ Ներկայ դրութեամբ Ռուսիան Ուքրանիոյ յանձնած 11,000 զինուորի մարմին՝ 201 զոհուած ռուս զինուորի մարմնի դիմաց», - նշած է Լաւրովը։