«Ապահովական համաձայնութիւն»ը միայն դիւանագիտական թուղթ մը չէ։ Ան կը դառնայ փորձաքար մը, թէ արդեօք Մերձաւոր Արեւելքը կ՚առաջանայ դէպի իրական փոխհասկացողութիւն, թէ՞ կրկին պիտի տապալի… բոլոր ճիգերը՝ թողելով պատմութեան փոշիներուն տակ, կուտակելով աւերներու եւ հիասթափութիւններու նոր եւ ցաւոտ ժառանգութիւն մը։
Այս ամիս Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Ալ Շարըհ պիտի մեկնի Նիւ Եորք եւ մասնակցի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Վեհաժողովի հերթական նստաշրջանին։ Երկա՜ր ընդմիջումէ ետք, այս պիտի ըլլայ առաջին անգամը, որ սուրիացի նախագահ մը ելոյթ կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, ներկայացնելով իր երկրի դիրքորոշումները եւ վերագտնելով որոշ չափով միջազգային օրինականութիւն։ Շարըհի այցը կը դիտարկուի իբրեւ կարեւոր քաղաքական քայլ, որով ան կը փորձէ ամրապնդել իր իշխանութեան արտաքին աջակցութիւնը եւ դուրս գալ մեկուսացման այն ճիրաններէն, ուր Սուրիան գտուած էր աւելի քան տասնամեակ մը։
Սակայն Նիւ Եորքի ճանապարհորդութիւնը միայն դիւանագիտական «երեւում» մը չէ․ լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ այդ օրերուն կրնայ կայանալ նախագահ Շարըհի եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի միջեւ հանդիպում մը։ Հանդիպում, որուն պատրաստութիւնը, ըստ ամերիկեան մամուլին, կը խրախուսէ Թրամփի վարչակազմը։ Շօշափուող համաձայնութիւնը ի բնէ խաղաղութեան պայմանագիր մը չէ․ ո՛չ Սուրիան եւ ո՛չ ալ Իսրայէլը պատրաստ են ամբողջական խաղաղութեան։ Բայց կողմերը կ՚երեւին հասած ըլլալ այն եզրակացութեան, որ յարատեւ լարուածութիւնը սպառած է երկու երկիրներուն իրական ներուժը։ Նոր նախաձեռնութիւնը կը կոչուի «Ապահովական համաձայնութիւն», որ նպատակ ունի մանաւանդ սահմանային եւ ռազմավարական ճակատներու վրայ լարուածութեան նուազեցում, առանց հրաժարելու նախկին դիրքորոշումներէն։ Այլ խօսքով՝ այդ համաձայնութիւնը պիտի ըլլայ աւելի շատ զինադադարային եւ գործնական բնոյթով քայլ մը, քան գաղափարական կամ պատմական հաշիւներ լուծելու ճամբայ։
Լրատուական ու դիւանագիտական աղբիւրներ կը բացատրեն համաձայնութեան հիմնական նիւթերը հետեւեալ կերպով․ առաջին՝ սուրիական բանակի վերազինման արգելք՝ Թուրքիոյ միջոցով։ Անցած տարիներուն Թուրքիա բազմաթիւ անգամ փորձած է իր ազդեցութիւնը ընդլայնել Սուրիոյ մէջ՝ օժանդակելով տարբեր զինուած խմբաւորումներու։ Նոր համաձայնութիւնը պիտի կասեցնէ նմանատիպ փորձեր՝ կանխելու Դամասկոսի ռազմական վերականգնումը եւ նոր ճնշումներու առաջացումը Կոլանի ու հիւսիսային սահմաններու վրայ։ Երկրորդ՝ ռազմավարական զէնքերու տեղակայման արգելք։ Հրթիռներ, օդային պաշտպանութեան համակարգեր կամ այլ ծանր ռազմավարական զինատեսակներ պիտի չտեղադրուին Սուրիոյ տարածքին։ Այս դրոյթը ուղղուած է գլխաւորաբար իրանեան եւ ռուսական մատակարարումներուն դէմ, որոնք անցեալին ամրապնդած էին Սուրիոյ պաշտպանական կարողութիւնը։ Երրորդ՝ մարդասիրական միջանցք դէպի «Ճապալ ալ Տըրուզ» («Տիւրզիներու լեռ»)։ Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ բանալ ուղի մը դէպի Սուէտա նահանգ՝ օժանդակելու Տիւրզի համայնքին։ Այս դրոյթով Իսրայէլ կը փորձէ շահիլ այս փոքրամասնութեան վստահութիւնը եւ զայն դիտարկել իբրեւ ապագայ գործընկեր՝ իր անվտանգութեան համար։ Չորրորդ՝ Կոլանի բարձունքները զրկել սպառազինման կարելիութիւններէ եւ Դամասկոսէն մինչեւ Սուէտա տարածքը զինաթափել։ Այս կէտը Իսրայէլին կը տրամադրէ կենսական ապահովութիւն, քանի որ կը վերացնէ Սուրիոյ կողմէ անմիջական ռազմական սպառնալիքի հնարաւորութիւնը։
Այս բոլոր կէտերը կը բացատրեն, որ համաձայնիլը դիւրին չէ․ իւրաքանչիւր կողմ կը փափաքի մեծագոյն շահեր ապահովել։ Իսրայէլի համար այս համաձայնութիւնը առաջին հերթին կը նշանակէ անվտանգութեան նոր երաշխիքներ։ Մինչեւ հիմա ամենամեծ մտահոգութիւնը եղած է Իրանի ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ։ Եթէ համաձայնութիւնը գործադրուի, Թեհրանի ազդեցութիւնը յստակապէս պիտի սահմանափակուի։ Սուրիոյ համար յառաջիկայ զարգացումները կրնան բանալ նոր դռներ։ Միջազգային «ճանաչումի» եւ օրինականութեան կուտակում, տնտեսական շրջափակումներու աստիճանական մեղմացում եւ դիւանագիտական նոր կապեր։ Սակայն համաձայնութիւնը նաեւ կը սահմանափակէ Դամասկոսի ինքնիշխանութիւնը, մանաւանդ զինուորական ճակատին վրայ։ Թուրքիա այս բոլորին մէջ կը դիտուի իբրեւ մեծագոյն տուժող։ Անգարա երկար ատեն փորձած էր Սուրիոյ մէջ հաստատել իր քաղաքական եւ ռազմական օրակարգը։ Նոր պայմանաւորուածութիւնը անոր ձեռքերուն կը դնէ արգելակներ։ Տիւրզի համայնքը, որ երկար տարիներ ապրած է ներքին ճնշումներու ու պառակտումներու տակ, յանկարծ կը դառնայ այս համաձայնութեան առանցքային շահառուն։ Միջանցքի ստեղծումով անոնք կը ստանան ուղղակի ապահովական ու տնտեսական օգուտներ։ Իսկ Իրան, իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ դերակատարներէն մէկը, անշուշտ պիտի դիտէ այս համաձայնութիւնը իբրեւ սպառնալիք։ Իր ազդեցութեան նեղացումը Սուրիոյ մէջ կրնայ փոխել նաեւ ամբողջ տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնները։
Սուրիոյ հայերուն մասին
Հայկական համայնքը Սուրիոյ մէջ շարունակ կը մնայ կարեւոր եւ զգայուն տարր։ Հազարաւոր հայեր տակաւին կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ Ամէն անգամ, երբ Սուրիոյ ներքին քաղաքական իրավիճակը կը թեթեւնայ կամ կը խստանայ, ան անմիջապէս կ՚անդրադառնայ նաեւ հայերուն վրայ։ Այս առումով՝ «Ապահովական համաձայնութիւն» մը կրնայ ստեղծել աւելի հանգիստ պայմաններ համայնքին համար։ Բայց հարկ է խուսափիլ միամտութենէ․ պայմանաւորուածութեան քաղաքական թիրախները կը գերադասեն տարածաշրջանային շահերը, եւ ոչ՝ փոքրամասնութիւններու ապահովութիւնը։ Այդ պատճառով, զգօն մնալը միակ ճիշդ ուղին է։
Եթէ Նաթանիահուի եւ Շարըհի միջեւ իսկապէս ստորագրուի այս համաձայնութիւնը, Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական քարտէսը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Կայունութիւն Սուրիա-Իսրայէլ սահմանին վրայ, նոր ճնշումներ Իրանի եւ անոր դաշնակիցներու վրայ, թուրքական ազդեցութեան նուազում Սուրիոյ մէջ, Տիւրզի համայնքի վերածում գործօն քաղաքական գործընկերոջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ միջազգային օրինականութեան մասամբ վերատիրացում։ Սակայն չմոռնանք՝ այս բոլորը կախեալ են գործադրութենէն։ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութիւնը հարուստ է չիրագործուած համաձայնութիւններով։ Ցանկացած պահու քաղաքական կամ ռազմական անակնկալ կրնայ խորտակել ձեռք բերուածը։
Այսօրուան աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը մեզ կը պարտադրէ հասկնալ, որ Մերձաւոր Արեւելքը այլեւս նախկինը չէ։ Այն ժամանակը, երբ Սուրիան կը խօսէր Իսրայէլի դէմ «յարատեւ պայքար»ի մասին, անցեալ դարձած է։ Նոր նախագահ Շարըհ բացայայտ կերպով կ՚ընդունի, որ այդ «քաղաքական ժառանգութիւն»ը մահացած է։ Հետեւաբար, նոր էջ մը կը բացուի ոչ միայն Դամասկոսի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի համար։ Կը պարզուի, որ երբ արտաքին ուժերը՝ Ամերիկա, Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան, կը փորձեն իրենց շահերը մխրճել Սուրիա-Իսրայէլ ճակատին մէջ, անիկա այլեւս միայն երկու երկիրներու խնդիր չէ։ Ապահովական համաձայնութիւնը, որ հիմա կը քննարկուի, կը դառնայ համաշխարհային ուժերու մրցակցութեան մէկ արտացոլումը։
Անշուշտ կարելի է կասկածիլ այս քայլին կայունութեան վրայ։ Մերձաւոր Արեւելքը բազմիցս տեսած է «պատմական» կոչուած համաձայնութիւններ, որոնք տաս օրուան կամ տաս ամիսէն աւելի չեն դիմացած։ Բայց նոյն ատեն չենք կրնար անտեսել, որ այս նախաձեռնութիւնը առաջին է, երբ Դամասկոս բացայայտ կերպով կը խոստովանի Իսրայէլի հետ խաղաղ գոյակցութեան անհրաժեշտութեան մասին։ Ամէն պարագայի, մեզի համար գլխաւոր մտահոգութիւնը հայ համայնքի անվտանգութիւնն է։ Ոչ մէկ միջազգային պայմանագիր արժէք ունի, եթէ ան հայ համայնքը վտանգի առաջ կը դնէ։ Սուրիոյ հայերը իրենց գոյութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ ապացուցած են, որ կրնան դիմադրել ամենադժուարին պայմաններուն։ Հիմա, երբ նոր հորիզոններ կը բացուին, մեր պարտականութիւնը կը մնայ մէկը՝ աչալրջօրէն հետեւիլ եւ ձայն բարձրացնել, որ հայութիւնը ըլլայ այս խաղերէն դուրս, ապահով եւ ամուր։
Այս տեսակէտէն՝ «Ապահովական համաձայնութիւն»ը միայն դիւանագիտական թուղթ մը չէ։ Ան կը դառնայ փորձաքար մը, թէ արդեօք Մերձաւոր Արեւելքը կ՚առաջանայ դէպի իրական փոխհասկացողութիւն, թէ՞ կրկին պիտի տապալի… բոլոր ճիգերը՝ թողելով պատմութեան փոշիներուն տակ, կուտակելով աւերներու եւ հիասթափութիւններու նոր եւ ցաւոտ ժառանգութիւն մը։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս