image
Հրատապ լուրեր:

ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմնի այցը՝ Անթիլիաս

ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմնի այցը՝ Անթիլիաս

Տեսակցութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի ներկայ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող վերջին զարգացումները։ Զրուցակիցները մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ եւ շեշտեցին ազգային համերաշխութեան, երկխօսութեան ու պետական հաստատութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։


Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վանիկ Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանի, Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:


Տեսակցութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի ներկայ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող վերջին զարգացումները։

Զրուցակիցները մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ եւ շեշտեցին ազգային համերաշխութեան, երկխօսութեան ու պետական հաստատութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։


Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակին, շրջանային լարուածութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ սփիւռքահայ գաղութներուն վրայ։ Քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած քաղաքական եւ ազգային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման ուղիները։


Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ վերջերս իր Վատիկան կատարած այցելութեան եւ ունեցած միջազգային մակարդակի տեսակցութիւններուն, որոնց ընթացքին անդրադարձած է Արցախին եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան նիւթին վերաբերող հարցերու։


Այս մտերմիկ խորհրդակցութեան ընթացքին զրուցակիցները վերահաստատեցին հետեւողական համագործակցութեան իրենց պատրաստակամութիւնը՝ ի սպաս հայ ժողովուրդի ազգային շահերուն եւ Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման: