image

«Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը կը պատրաստուի խզել Հայաստանի հետ պայմանագիրը

«Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութիւնը կը պատրաստուի խզել Հայաստանի հետ պայմանագիրը

«Ռուսական երկաթուղիներ» պետական ընկերութիւնը կը պատրաստուի խզել Հայաստանի իշխանութիւններու հետ համաձայնագիրը՝ հաւաստիացնելով, որ անոնք կ'արգելափակեն իր դուստր ընկերութեան՝ «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ»-ու աշխատանքը, որ կը ղեկավարէ հայկական երկաթուղիները: Այդ մասին RTVI-ին ըսած է աղբիւրը, որ ծանօթ է Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններու ընթացքին: 

Նշուած է, որ տեղեկութիւնը հաստատած են ՌԴ փոխադրութեան նախարարութենէն:

«Ռուսական երկաթուղիներ»-ու յարաբերութիւնները ՀՀ իշխանութիւններու հետ սրուած են խուզարկումներու ու քրէական գործերու պատճառով, որոնք Երեւանը յարուցած է «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ»-ու դէմ:

2018 թուականի օգոստոսին ընկերութեան գրասենեակին մէջ խուզարկումներ եղած են 19 000 տոլարի չափով հարկեր չվճարելու կասկածանքով: Ընկերութենէն նշած են, որ ուժայինները առգրաւած են իրենց փաստաթուղթերը:

Դեկտեմբերին ՀՀ քննչական կոմիտէէն յայտնած էին, որ կը հետաքննեն «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ»-ու՝ վերջին 10 տարուան գործունէութիւնը:  

RTVI-ի աղբիւրներու համաձայն՝ ընդհանուր առմամբ ընկերութեան դէմ յարուցուած է 7 գործ: Ընկերութիւնը փորձած է իր փաստաթուղթերը վերադարձնել դատարանի միջոցով, սակայն անոր մերժած են:

Ընկերութիւնը եղած մեղադրանքները անհիմն կը համարէ: