Հրթիռագիտութեան եւ հրազինագիտութեան ռուսական ակադեմիայի անդամ Կոստանթին Սաֆքով «Սփութնիք»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի կողմէ քիւրտ զինեալներուն օդային պաշտպանութեան համակարգերու տրամադրումը սուրիական ու ռուսական զօրքերուն ուղղուած հարուած է:
Աւելի վաղ լուրեր տարածուած էին, թէ ԱՄՆ Սուրիոյ քրտական ուժերուն հետ գաղտնի պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերած է, ըստ որուն կը պարտաւորուի վերջիններուս օդային պաշտպանութեան համակարգեր տրամադրել:
Սաֆքովի համոզմամբ, ԱՄՆ կը ձգտի ամէն գնով Սուրիոյ մէջ իր գոյութիւնն ապահովել, եւ տարածաշրջանին մէջ իրեն համախոհ միակ կողմը քիւրտերն են, որոնք նպատակ ունին Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութիւն հաստատել, իսկ ԱՄՆ Իրաքի քիւրտերուն հետ կամուրջ ստեղծելով կը ջանայ ինքնիշխան քրտական պետութիւն ստեղծել: