Հռոմի պապը կիրակնօրեայ աղօթքի ժամանակ խաղաղութեան կոչ ըրած է Մերձաւոր Արեւելքին:
«Պատերազմը չի լուծեր խնդիրները, ընդհակառակը, այն կը խորացնէ զանոնք եւ խոր վէրքեր կ՚առաջացնէ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ: Թող դիւանագիտութիւնը լռեցնէ զէնքերը:
Թող ազգերը կերտեն իրենց ապագան խաղաղութեան գործերով, այլ ոչ թէ բռնութեամբ եւ արիւնալի հակամարտութիւններով»,-ըսած է Հռոմի պապ Լեւոն 14-րդը: