image

Քիմի Քարտաշեանի Որդին Պիտի Մկրտուի Երուսաղէմի Մէջ

Քիմի  Քարտաշեանի  Որդին Պիտի Մկրտուի  Երուսաղէմի Մէջ

Քիմ Քարտաշեանի զաւակին մկրտութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երուսաղէմի հայկական  եկեղեցւոյ մէջ: Այս մասին գրած է  իսրայէլեան «Հաարէթց»ը:  Թերթը նաեւ  կը գրէ, որ մկրտութիւնը  կը նախատեսուի յառաջիկայ  2016 տարուան    գարնան շրջանին եւ տեղի պիտի ունենայ  Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի   տաճարին մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ  Քարտաշեան-Ուէսթ ամոլին համար որոշ նախապատրաստութիւններ   կատարուած են Երուսաղէմի մէջ եւ շատ հաւանական է, որ անոնք իջեւանեն Երուսաղէմի  Ուալտորֆ Ասթորիա պանդոկին մէջ: Նշենք, որ Քարտաշեանի   առջինեկ դուստրը նոյնպէս մկրտուած  էր Երուսաղէմի մէջ: