image

Գանատայի մէջ. Աստուածաբանական դասընթացքներ Թեմի հաւատացեալներուն համար

 Գանատայի  մէջ. Աստուածաբանական դասընթացքներ  Թեմի  հաւատացեալներուն  համար

Նախանձախնդրութիւնը պիտի ունենան մեր սիրելի միաբան հայրերը Տէրոջ խօսքը արժանի կերպով հասցընելու մեր հաւատացեալներուն։

 Ինչքան ալ դժուարին ըլլան ճանապարհները, մաքառումներն ու պայքարները հայ անհատը պարտաւոր է իր Սուրբ Գրային իմացութիւնը յղել ու զայն օժտել խորունկ եւ տարողունակ դիտարկումներով։

Այս առումով ալ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Կիլիկեան Թեմը ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով մեկնարկը տուած է Աստուածաբանական Դասընթացքներու։

Դասընթացքները կը վարէ Թեմի աշխոյժ եւ նուիրեալ միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ ծ.վրդ. Քիւսպէքեանը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք ատոր մասին Թեմի դիմատետրեան էջի հրապարակումը։

18 Սեպտեմբեր 2024-ին, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի ուսուցումով, վերսկսաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Աստուածաբանական դասընթացքները, Մոնթրէալի մէջ։Երկրորդ կիսամեակի դասապահերը պիտի կեդրոնանան հետեւեալ նիւթերուն վրայ.-

Աստուածաշունչ, Տիեզերական ժողովներ եւ Նիկիոյ Հանգանակը։

Սոյն դասապահերը կազմակերպուած են Թեմիս ուսումնագիտական ծրագիրներու եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքներուն կողմէ։