Նկատի ունենալով Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ գուամրուած հանդիպման որոշուած է, որ Հայկական բարեսիրական կեդրոնները, դարմանատուները եւ համայնքային ծառայութեան բաժանմունքները կատարեն անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ՝օժանդակելու համար լիբանանցի իրենց համաքաղաքացիներուն ընկերային ու բժշկական կարիքներուն:Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝
Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական ու ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու հանդիպում մը` քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները:
Երեսփոխան Բագրատունի ժողովականներուն ներկայացուց Լիբանանի թատերաբեմի վերջին զարգացումները եւ գաղթականներու հոսքի ծաւալումը: Քննութեան առարկայ դարձան հոսքին հետ կապուած ընկերային հարցերն ու ճգնաժամերու հետեւանքով համայնքին դիմագրաւած խնդիրները:
Որոշուեցաւ, որ բարեսիրական կեդրոնները, դարմանատուները եւ համայնքային ծառայութեան բաժանմունքները իրենց կարողութիւնները առաւելագոյնս լարելով օժանդակեն լիբանանցի մեր համաքաղաքացիներուն ընկերային ու բժշկական կարիքներուն եւ կատարեն անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ:
Երեսփոխանական գրասենեակին հրաւէրով կայացած այս հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային ծառայող Անի Գալուստ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհի Նազելի Աւագեան, «Ճինիշեան» հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան, «Գարակէօզեան» հաստատութենէն Գրիգոր Այնէլեան եւ Ռաքէլ Քէչէճեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Թալին Թերզեան: